Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած կառավարական նիստի աւարտին խօսք մը արտասանելով իր պատգամը փոխանցեց լիբանանցիներուն։
Հարիրի ըսաւ, որ իր կողմէ օրեր առաջ հնչած զգուշացման կոչը արդէն իսկ տեղ հասած է եւ իրենք որպէս կառավարութիւն հասած են կարեւոր ձեռքբերումներու։
Հարիրի, նշելով այդ ձեռքբերումները եւ կողմերուն միջեւ իրականացուած համաձայնութիւնը, նշեց, որ այդ համաձայնութեան կարեւորագոյն կէտերն են՝ գալիք պիւտճէյի ընդհանուր վաւերաթուղթին մէջ նոր հարկերէ խուսափիլը, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութեան մաս կազմող ներկայի կամ անցեալի գործիչներու ամսավճարներու յիսուն առ հարիւրով նուազումը։
Հարիրի նաեւ թուարկեց այն կէտերը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ տնտեսական բարեփոխումներու ընդհանուր փաթեթին։
Ան, դիմելով ցուցարարներուն, ըսաւ. «Դուք ազատ էք ձեր առնելիք կեցուածքին մէջ ու մենք, որպէս պետութիւն պարտաւոր ենք ձեզ պաշտպանել»։ Հարիրի նաեւ նշեց, որ փողոց իջած ժողովուրդը արդար է իր պահանջներուն մէջ, եւ ինք պիտի չարտօնէ, որ որեւէ կողմ սպառնայ ցուցարարներուն։
«Դուք էք, որ շարժեցիք երկիրը, դուք է որ երկրին վերադարձուցիք համայնքային մօտեցումներէն վեր եղող հաւաքական հայրենիքի մը ինքնութիւնը: Ի վերջոյ դուք էք մեր բոլորին կողմնացոյցը», ըսաւ Հարիրին։
Լիբանանի վարչապետն իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ ժողովուրդին կողմէ հնչող արտահերթ ընտրութիւններու խնդրին եւ այդ առումով ըսաւ. «Եթէ դուք հաստատակամ էք, որ մենք բոլորս երթանք արտահերթ երեսփոխանական ընտրութիւններու, ապա մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդ մէկը»: