Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան պատմած է իր ու Սուրիոյ առաջնորդ Պաշշար Ասատի յարաբերութիւններուն եւ տարիներ առաջ ունեցած շփումներուն մասին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, Էրտողան շարունակած է պնդել, որ սուրիական պատերազմի ընթացքին զոհուած մօտ մէկ միլիոն քաղաքացիներու մահուան համար միակ մեղաւորը Ասատ է եւ վերջինիս նախագահի պաշտօնին մնալն անընդունելի է:
Աւելին, Էրտողան հաւաստիացուցած է, որ ժամանակին անձամբ փորձածէ համոզել Ասատը, որ վերջինս վերանայի իր մօտեցումը Սուրիոյ հիւսիսն ապրող քիւրտ բնակչութեան նկատմամբ:
«Մենք 15 տարի առաջ շփում ունէինք: Ես անձամբ անոր շատ խորհուրդներ տուած եմ: Ըսի, որ պէտք է քայլեր ձեռնարկէ ժողովրդավարութեան հաստատման ուղղութեամբ: Հիւսիս ապրող քիւրտերուն անձնագիր չէր տար, կ'ըսէի՝ «Անոնք քու քաղաքացիներդ են, ինչո՞ւ չես տար»: Ժամանակին աջակցեցայ անոր յանուն ժողովրդավարութեան իրականացման, սակայն այդպէս ալ չկրցայ բացատրել»,- ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ որոշ ժամանակ առաջ Էրտողան «ահաբեկիչ» անուանած էր Ասատը, որուն ի պատասխան Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ «նման յայտարարութիւններով Թուրքիոյ նախագահը կը փորձէ ապակողմնորոշել Թուրքիոյ ժողովուրդը եւ քօղարկել Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ իր գործած յանցանքները»: