image

«Ես Ամուտայի Վերջին Հայն Եմ» «Արեւելք»ին Ըսաւ Գէորգ Մուշեղեան

«Ես Ամուտայի Վերջին Հայն Եմ» «Արեւելք»ին  Ըսաւ Գէորգ Մուշեղեան

«Արեւելք»ի  տեղեկութիւններով   Սուրիա- Թուրքիա  սահմանին գտնուող Ամուտա քաղաքին մէջ (Հասիչէյի շրջան) ընդամէնը մէկ հայ ընտանիք մնացած է:  «Արեւելք»  յաջողեցաւ կապ հաստատել Ամուտայի վերջին հայուն՝ Գէորգ Մուշեղեանին  հետ, որ  սուրիական հիւսիսային այդ քաղաքը կ'ապրի իր քրոջ եւ 85-ամեայ մօր՝ Երանուհի Մկրտիչ Գրիգորեանին  հետ: Հիմնականին  մէջ քիւրտերով բնակուած Ամուտա քաղաքը, ժամանակին քրիստոնէական մեծ համայնք ընդգրկած է, որոնց մէջ  եղած են նաեւ  300 հայ ընտանիքներ: Մուղեկեանի հաղորդումով  այսօր  վեց քրիստոնեայ ընտանիք մնացած է Ամուտայի մէջ, որոնցմէ մէկը Մուշեղեաններու  երեք  անդամներէ  բաղկացոշ ընտանիքն է: Գէորգ Մուշեղեան Ամուտայի գլխաւոր գիւղատնտեսն է, միաժամանակ անոր վստահուած է կառավարական որոշ գործեր՝ թղթավարութիւն, ջրհորներու հսկողութիւն եւայլն:

Մուշեղեան  իր  ուսումը ստացած է Հալէպի պետական համալսարանը՝ 1984-ին:  Գամշլիէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ամուտան Սուրիոյ քչաթիւ քաղաքներէն մէկն է, որ այսօր համեմատած   այլ քաղաքներու աւելի շատ ապահով   վայր կը համարուի: Քաղաքը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ, իսկ Գէորգ Մուշեղեան կ'ըսէ, որ քաղաքին մէջ քչաթիւ քրիստոնեաններուն անվտանգութիւնը  ապահովուած է քիւրտերուն շնորհիւ: Ամուտայի մէջ 1950-ականներուն նոյնիսկ հայկական դպրոց եղած է, ուր յաճախած է Գէորգը:   Ամուտան   նաեւ  ունեցած հայկական եկեղեցի, որ Ամուտայի վեց քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկն էր:  Հայկական եկեղեցին, անգործութեան մատնուելէ ետք, գնուած է հայ ընտանիքի մը կողմէ, ապա՝ վաճառուած  տեղացիներու: Եկեղեցին ու հայկական դպրոցը, Ամուտայի քրիստոնէական  շատ մը այլ կառոյցներու պէս այսօր փլատակուած են   , ինչպէս կը նշէ մեր զրուցակիցը, ըսելով, որ  միայն երկու քրիստոնէական եկեղեցիներ  կան, որոնց պահպանութիւնն ստանձնած են Գամիշլիի աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքները:

 

 

Ամուտայի եկեղեցին:

«Ժամանակին հայկական կեանք կար քաղաքին մէջ՝ եկեղեցական արարողութիւններ, դպրոց, հարսանիք, կնունք, իսկ այսօր ոչ մէկ հետք մնացած է»,-ցաւով կը նշէ Ամուտայի միակ հայ ընտանիքի անդամը:  

Մեր զրոյցի ընթացքին Գէորգ Մուշեղեան կ'ըսէ, որ  ինքն ալ, շատերու պէս բազում հնարաւորութիւններ  ունեցած է քաղաքէն հեռանալու, չորս անգամ ԱՄՆ գացած է, բայց կրկին  վերադարձած է, որովհետեւ « չեմ  կրնար  լքել ծննդավայրս,  որուն հողին ու ջուրին սովոր եմ, միւս կողմէն ալ,  պարտաւոր եմ   իմ ընտանիքս պահել ու խնամել»:  

 

«Մայրս կը խօսի հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, թրքերէն, բայց արդէն ծերութեան հիւանդութիւններ ունի:  Հայրս՝ Ղազար Մուշեղեանը 2010-ին մահացաւ»,-կ'ըսէ 57-ամեայ հայ գիւղատնտեսը:

Հակառակ անոր, որ Ամուտայի մէջ պատերազմական գործողութիւններ չեն ընթանար, սակայն քաղաքի շրջակայ միւս բնակավայրերու անապահով վիճակը մշտական լարուածութեան մէջ կը պահէ Ամուտայի բնակիչները: «Գամիշլիի անցեալ շաբաթուան պայթումը, որուն  հետեւանքով նաեւ հայեր զոհ գացին, ցնցեց մեզ, անոնց մէջ ծանօթներ կային, շատ ցաւալի էր: Երբեք չես գիտնար թէ ինչ պիտի կատարուի մեր քաղաքին մէջ: Պատերազմը դժուարացուցած է քաղաքի կեանքը, երեկոյեան դուրս չենք  ելլեր տունէն, քաղաքէն ընդհանրապէս դուրս ելլող չկայ: Մինչեւ պատերազմը ես լաւ կը  վաստակէի՝ մօտ 700  ամերիկան տոլարի համարժէք   սուրիական թղթոսի , իսկ այսօր ընդամէնը 100 ԱՄՆ տոլարի չափ կը ստանամ իմ աշխատանքի դիմաց»,- կ'ըսէ Գէորգ Մուշեղեանը, նշելով, որ չնչին այդ գումարը չի  բաւեր  ապրելու համար եւ  ստիպուած քոյրն ալ քաղաքի հիւանդանոցը, որպէս  խնամակալ կ'աշխատի:
Ամուտայի բնակիչները  մեծաւ մասամբ  կը  զբաղուին հողագործութեամբ, վճարումներ կը կատարեն ամէն ինչի համար՝ ջուրի, ելեկտրականութեան եւ այլ ծառայութիւններու դիմաց: Հակառակ անոր, որ ելեկտրականութիւնը շուրջօրեայ չէ, սակայն ամսական 5000 սուրիական ոսկի կը վճարեն:

 

Մուշեղեաններու  տունը. 

Մեր զրոյցի ընթացքին Գէորգ Մուշեղեան  կը յիշէ Հայաստանի իր ազգական՝ Մուշեղեանները, որոնցմէ 20 տարի է՝ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի…

«Աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ անպայման մէկ հայ պիտի ըլլայ. ես Ամուտայի վերջին հայն եմ»,- հասկնալի  հայերէնով  կ'ըսէ Գէորգ Մուշեղեանը: