image

«Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը մեծ թիւով կալուածներ ունի Պոլսոյ մէջ եւ մենք լուռ եւ խոհեմ կերպով պիտի շարունակենք մեր գործը» Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէց

«Երուսաղէմի  Պատրիարքութիւնը  մեծ թիւով կալուածներ ունի  Պոլսոյ  մէջ եւ մենք լուռ եւ խոհեմ  կերպով  պիտի շարունակենք մեր գործը» Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէց

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի  Կալուածոց Խորհուրդի  պատասխանատու Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան

 

Շաբաթներ   առաջ   մամուլէն  վերահասու դարձանք, որ Անգարայի     մէկ  դատարանը   որոշում  հրապարակած է    Թուրքիոյ   մէջ Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարքութեան շահերը ներկայացնող  «Մար Եագոպ»  հիմնարկին  վաւերականութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ։  Թեման, ինչպէս նաեւ որոշումը   կը  պարունակեն  բաւականին  անհասկնալի  ծալքեր ու այդ   մասին յաւելեալ      լուսաբանութիւններ ստանալու համար «Արեւելք» դիմեց   Երուսաղէմի  Հայոց  Պատրիարքութեան   Կալուածոց  Խորհուրդի  պատասխանատու ՝ Տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանին։

 Հայր  Սուրբը սիրայօժար  կերպով պատասխանեց մեր հարցումներուն եւ ստորեւ    մեր ընթերցողներու  ուշադրութեան կը յանձնենք այդ     օրեր առաջ  կատարուած  հարցազրոյցը։

- Հայր Սուրբ ինչպէս կը գնահատէք Թուրքիոյ այս որոշումը, որում հիմամբ  «Մար Եագուպ» եկեղեցական հիմնարկը այլեւս արգելափակուած չի համարուիր: Ինչպիսի՞ որոշում է այս:

Այս որոշումը նախապէս թրքական դատարանը մերժած էր, այն հասկացողութեամբ, որ Թուրքիոյ մէջ առկա «Մար Եագուպ»ը, նոյնը չէ եւ ոչ մէկ կապ ունի   Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարքարանին հետ։ Ինչպէս գիտէք Օսմանեան շրջանին, մեր բոլոր կալուածները հոն կը ճանչցուէին «Մար Եագուպ»ի անուան տակ  եւ  այդ կառոյցը  հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Թուրքիոյ  Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը անոր ի նպաստ վկայութիւն տուաւ, Պաղեստինեան իշխանութիւնները վկայութիւն տուին եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնն ալ անշուշտ, նաեւ կան պատմական տուեալներ: Երբոր այս հարցով դիմեցինք Թուրքիոյ  Սահմանադրական Դատարան, անոնք ընդունեցին մեր հայցը եւ ըսին, որ ճիշդ է «Մար Եագուպ»ը նոյն  ինչ որ Երուսաղէմի Ս. Յակոբ  Հայոց   Վանքի  իրաւասութիւնները  պաշտպանող  մարմինն  է  եւ  հետեւաբար հրահանգ  տուին  ստորին  դատարաններուն ըսելով, որ դուք ինչի հիման վրայ մինչեւ հիմա  անվաւեր կը  համարէք «Մար Եագոպ»ի իրաւասութիւնները:: Այս կը նշանակէ, թէ մեր կալուածները որոնք Թուրքիա  են,  կը պատկանին  եւ պէտք է տնօրինուին  Երուսաղէմի  Պատրիարքարանի  կողմէ, որովհետեւ մենք ենք  իրաւատէրն ու ժառանգորդը այդ պատմական  կալուածներուն։  Կրնանք ըսել, որ  այս   վճիռով  Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը   ձեւով մը  վերատիրացաւ իր իրաւունքներուն։

 Անշուշտ դեռ   կան  ըլլալիք  կարեւոր քայլեր ու   վաղ է ըսել, որ մեր բոլոր խնդիրները  արդար  լուծումի հասան։ Այստեղ կ՚ուզեմ  շեշտել, որ Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան, երբ  վարչապետ էր, ինք էր, որ փոքրամասնութիւններուն իրաւասութիւն տուաւ, եւ մենք այդ  առիթէն  օգտուելով    դիմեցինք դատարան մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար։  

Պէտք է ըսել, որ ինք այդ որոշումին ետեւը կեցաւ եւ չփոխեց զայն: Մենք ալ անշուշտ քաջալերուելով այս որոշումէն եւ դիրքէն, շարունակեցինք: Փառք Աստուծոյ, մեր փաստաբանները լաւ են, անշուշտ թուրք են, բայց շատ լաւ աշխատեցան, մանրամասնութեամբ ներկայացուցին հարցը Սահմանադրական Դատարանին եւ միւս դատարաններուն  եւ այս եզրակացութեան յանգեցան:

Հետեւաբար  շատ  դրական  կը գնահատեմ այս որոշումը, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ հազարէն աւելի կալուածներ ունինք, նաեւ միւս նահանգներուն մէջ ալ ահագին կալուածներ ունինք, բայց հիմա  մեր խնդիրը  Պոլսոյ մէջ է: Եթէ ասիկա ամբողջութեամբ դրական վերջաւորութիւն  ունենայ, այն ատեն մենք նորէն իրաւատէրերը պիտի դառնանք այն կալուածներուն, որոնք Պոլսոյ մէջ են, եւ որոնք արժէքաւոր կալուածներ են:

- Ուրեմն Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ իր դատական բանակցութիւնները:

Մենք պիտի շարունակենք  մեր գործը, անշուշտ  օրէնքի համաձայն,  եւ դիմենք  քայլերու միշտ մնալով  օրէնքի շրջանակներուն  մէջ: Պիտի   շարունակենք շատ  լուռ եւ խոհեմ կերպով առանց որեւէ աղմուկի: