Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան հաստատած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ նոր ռազմական գործողութիւն սկսելու եւ Ռաքքան ու Մունպիճը իր հսկողութեան տակ եղող շրջաններուն կցելու՝ իր երկրի պատրաստակամաութիւնը: Այս մասին «Ալ-Տիար»ի համաձայն, Էրտողան խօսած է ռուսական «Izvestia» պարբերականին, յայտնելով, որ «իր սահմանին նուազագոյն վտանգ սպառնալու պարագային, Թուրքիա պատրաստ է ռազմական գործողութիւններ մեկնարկելու»:
Ան ըսած է. «Այսօր Սուրիոյ մէջ բացասական գործընթացներ տեղի կ'ունենան, եւ մեր սահմաններուն վտանգ սպառնալու պարագային պիտի չլռենք եւ անցնինք պատասխան գործողութիւններու, ինչպէս ըրինք «Եփրատի վահան» գործողութեան ժամանակ»:
Էրտողան նաեւ իր ափսոսանքը յայտնած է, Անգարայի դիւանագիտական գործընկեր ԱՄՆ-ի՝ Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական ազգային ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն (YPG) հետ համագործակցութեան եւ անոնց զէնք մատակարարելու վերաբերեալ, յայտարարելով, որ ՆԱԹՕ-ն անպայման պէտք է վերանայի այդ հարցը։
Ռուսական «Izvestia» պարբերականը նշած է, որ Էրտողանի այս յայտարարութիւնը մտահոգած է ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան, հաւասարապէս, մանաւանդ որ վերջինս ամէն ջանք կը թափէ խուսափելու համար Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ հնարաւոր բախումէն: