image

Էրտողանի մէկ խորհրդականի կարծիքով Սէուտական Արաբիան պիտի ունենայ իր «Արաբական Գարունը»

Էրտողանի մէկ խորհրդականի կարծիքով Սէուտական Արաբիան պիտի ունենայ իր «Արաբական Գարունը»

Էրտողանի կարեւորագոյն՝ տնտեսական հարցերու խորհրդական Էկիթ Պուլոթ, «Թի Առ Թի» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ըսած է որ անտրամաբանական է, որ ամբողջ Սէուտական Արաբիան պատկանի մէկ ցեղի եւ մէկ թագաւորութեան, հետեւաբար ան անպայման պիտի ունենայ իր «գարունը», աւելցնելով, «Եթէ «գարուն»ի կարիքը կայ, պիտի ըլլայ, սական ոչ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կողմէ Թուրքիոյ վրայ պարտադրուած «Գարուն»ին նման»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիա, Սէուտական Արաբիոյ մէջ զինուորական կեդրոններ հիմնելու առաջարկ ըրած էր եւ մերժուած վերջինին կողմէ: Թուրքիա իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Քաթարին, երբ իսլամական կարգ մը երկիրներու կողքին, Սէուտական Արաբեան, Եգիպտոսը եւ Պահրէյնը իրենց կապերը խզած էին Քաթարի հետ: