Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ» անուանած է սահմանադրական հանրաքուէի ժամանակ առաքելութիւն իրականացրած ԵԱՀԿ դիտորդական խումբի անդամները:
Ըստ թրքական «Diken.com» լրատուական կայքի` «Ալ Ճազիրա» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Էրտողան իր ըսածը հիմնաւորած է նշելով, որ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներէն մէկը ելոյթի ժամանակ ձեռքին ունեցած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK-ՔԲԿ) դրօշը:
«Ատոնք հանրաքուէն վերահսկելու համար ԵԱՀԿ-ի կողմէ լիազօրուած ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ են»,- «Էրմէնի հապեր»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը չէ ընդունած նաեւ սահմանադրական հանրաքուէի վերաբերեալ ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցած զեկոյցը:
«Ինչպէ՞ս կրնայ ՔԲԿ-ի դրօշը ձեռքը վերցնող մարդը անկախ ըլլալ: Այդ մարդը իբրեւ ահաբեկիչ այստեղ հաղորդում կը պատրաստէ: Ինչպէ՞ս կրնայ անոր կազմած զեկոյցը անկախ ըլլալ»,- ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 16-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի վերաբերեալ դիտորդական խումբի զեկոյցին մէջ արձանագրուած են բազմաթիւ օրինախախտումներ, որոնք կրնան էական ազդեցութիւն ունեցած ըլլալ ընտրութեան արդիւնքին վրայ: