Բրիտանական «Save The Children» կազմակերպութիւնը ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է, ըստ որուն աշխարհի մէջ 20 երկիր կայ, որոնց թուին են Սոմալն ու Եմէնը, ուր երեխաներու անվտանգութիւնը հարցականի տակ է:
Կազմակերպութեան հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, աշխարհի մէջ 1,2 միլիառ երեխայ, պատերազմներու, աղքատութեան կամ հասարակական անհաւասարութեան վտանգի ենթակայ է:
175 երկրի անուն ընդգրկող ցուցակին մէջ Լիբանան 50-րդ տեղը գրաւած է, ուր 5 տարեկանէն վար նորածիններու մահացութեան դէպքերը 1000-էն 8.1 են, մինչդեռ երեխաներու ամուսնութեան դէպքերի 3.3 տոկոսի կը հասնին: Միաժամանակ նշուած է, որ Լիբանանի մէջ հիմնական կրթութենէ զրկուած են երեխաներու 20.1 տոկոսը: