Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ երկրորդ օրն ըլլալով թէժ մարտերը կը շարունակուին։ Թրքական օդուժը ծանր հարուածներ կը հասցնէ քրտական զօրամիաւորումներու տիրապետութեան տակ եղող շրջաններուն։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ տեղի ունեցած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են տասնեակ քաղաքացիներ։
Ինչ կը վերաբերի մարտերու ընդհանուր ընթացքին մինչ թրքական կողմը կը յայտարարէ յառաջխաղացք Թալ Ապեատի ուղղութեամբ, անդին քրտական զօրամիաւորումներ կը հերքեն թրքական կողմէն հնչած յայտարարութիւնները նշելով, որ մինչեւ այս պահը քրտական ուժերը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տան ու նաեւ կրակէ օղակի տակ կ՚առնեն Սուրիոյ հետ սահմանակից թրքական կարգ մը շրջաններ։
Յիշեցնենք, որ Անգարա երէկ յայտարարութիւն մը կատարելով ազդարարեց դէպի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները ընթացք առնող ռազմական գործողութեան մասին։