Հայկական աւանդական արժէքներու պաշտպանութեան համար գործող «ԿԱՄՔ» նախաձեռնութեան պատասխանատու անդամներ բերման ենթարկուած են։
Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին նախաձեռնութեան մօտիկ կանգնող աղբիւրներ։
Մեր աղբիւրին համաձայն «ԿԱՄՔ» անդամներ այսօր ներկայ եղած են իրենց անդամներէն ՝ Արթուր Ալեքսանեանի հարցաքննութեան, երբ ոստիկանութեան անդամներ մօտենալով եւ առանց հիմնաւորման բերման ենթարկելով զիրենք առաջնորդած են ՀՀ Ոստիկանութեան «Էրէբունի»ի բաժին։
Նշենք, որ բերման ենթարկուածներն են «ԿԱՄՔ» նախաձեռնութեան համակարգող՝ Վահագն Չախալեան, անդամներ` Արթուր Արամեանն ու Աշոտ Աբրահամեանը։
Չախալեան, որ բերման ենթարկուելէն ետք գրառում մը կատարած է, նշած է, թէ մինչեւ այս պահը յայտնի չէ իրենց բերման ենթարկուելու պատճառը։