image

Եգիպտոս աշխուժ կերպով պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերաշինութեան

Եգիպտոս աշխուժ կերպով պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերաշինութեան

Եգիպտոսի Ճարտարապետներու արհմիութեան նախագահ Թարէք Նապրաուի յայտարարած է, որ սուրիացի եւ եգիպտացի ճարտարապետներու համագործակցութիւնը կը շարունակուի, նպատակ ունենալով մասնակցութիւն բերել Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Նապրաուի յայնտած է, որ նախորդ տարուայ յունուարին եգիպացի ճարտարապետներու Սուրիա կատարած այցէն ետք Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի Ճարտարապետներու արհմիութիւններուն միջեւ երկկողմ եւ եռակողմ հանդիպումներ կայացած են, իսկ հոկտեմբերին Գահիրէի մէջ սուրիացի եւ իրաքցի ճարտարապետներու մասնակցութեամբ Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաշինութեան ուղղուած համագումար տեղի ունեցած է: