ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանի խօսքով՝ Պոլսոյ Այա Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի որոշման իրականացումը անխուսափելի է: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նկատած է, որ արդէն Թուրքիոյ բարձրագոյն վարչական դատարանը՝ Պետական խորհուրդը, որոշած է՝ նախագահի հրամանը բաւարար է որոշումը իրականացնելու համար:
Էրտողանի այս որոշման արձագանգած է քրիստոնէական աշխարհը: Թուրքիոյ այդ քայլէն հրաժարելու կոչեր ըրած են մասնաւորապէս ԱՄՆ–ը եւ Ֆրանսան։ Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա-ն:
«Սխալ է չարձագանքելը: Ճիշդ կ'ըլլայ արձագանգել եւ ցոյց տալ, որ մենք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք, որ հայազգի Տրդատը մասնակցութիւն ունեցած է տաճարի վերականգնման, որ մենք կարեւոր դեր ունեցած ենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Պէտք է ցեղասպանութեան մասին խօսել, անգամ մը եւս այդ մասին յիշեցնել աշխարհին»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով Պոլսոյ մէջ հայ համայնքէն ակնկալուող արձագանգին՝ Ռուբէն Սաֆրաստեանը մատնանշած է՝ պատրիարք Սահակ Մաշալեանը շատ խուսափողական արձագանգեց՝ ըսելով, որ կրնան տաճարին մէկ մասը քրիստոնեաներուն համար նախատեսել:
Ան կրկին շեշտեց՝ լաւ կ'ըլլայ, որ պաշտօնական Երեւանը արձագանգէ Էրտողանի որոշման: «Անտարակոյս, պէտք է նաեւ արձագանգէ Հայ առաքելական եկեղեցին»,- ըսած է ան:
Թուրքագէտը դժուարացած է ըսել, թէ ինչու մինչեւ հիմա հայկական կողմէն արձագանգ չկայ: «Ինչո՞ւ պէտք է չարձագանգենք»,- իր տարակուսանքը արտայայտած է ան: