Քրտական լրատուական կայքերը փոխանցած են, որ Աֆրինի արեւելեան շրջանի Մարիամայն գիւղին մէջ դէպի Աֆրին ուղեւորուող մարդասիրական օգնութիւններու բեռնատարը թիրախաւորուած է թրքական ուժերու եւ Ազատ բանակի զինեալներուն կողմէ:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն Կարմիր Խաչի պաշտօնական խօսնակը յայտարարած էր, որ մարդասիրական օգնութիւններու բեռնատարներու շարքը ուղեւորուած է դէպի Աֆրին, 50 հազար տեղահանուած բնակիչի օգնութիւն տրամադրելու համար:
Վերջինս յայտնած է նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով Կարմիր Խաչ եւ Կարմիր Մահիկ կազմակերպութիւնները Սուրիոյ մէջ պայքարող բոլոր կողմերու հաւանութիւնն ստացած են մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու համար: