Դամասկոսի արեւելեան շրջաններուն մէջ լուրեր տարածուած են այն մասին, թէ որոշ անձեր բնակիչներէն պահանջած են իրենց տուներէն հեռանալ, յառաջիկայ շրջանին տեղի ունենալիք ծանր մարտերէն զերծ մնալու համար, սակայն աւելի ուշ բոլոր պաշտօնական մարմինները հերքած են նման լուրերը, յայտնելով, որ մինչեւ այս պահը ոչ մէկ յայտարարութիւն հրապարակուած է այդ մասին:
«Shaam Times» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նման յայտարարութիւններ առաջին անգամ չէ, որ կը տարածուին, անցեալին նոյնպէս որոշ շրջաններու բնակիչներ տարհանուած են աւազակային խումբերու կողմէ տարածուած սուտ յայտարարութիւններու հետեւանքով, նպատակ ունենալով այդ շրջաններու բնակարանները թալանի ենթարկել: