image

Դամասկոսի մէջ զոհուած է «Յատուկ ջոկատայիններու առիւծը»

Դամասկոսի մէջ զոհուած է «Յատուկ ջոկատայիններու առիւծը»

Դամասկոսի արեւելեան հատուածին մէջ ընթացող մարտերու ընթացքին զոհուած է զօրավար Մուհամմատ Պատրան, որ ծանօթ է «Յատուկ ջոկատայիններու առիւծը» անուամբ:

Այս մասին գուժած են սուրիական իշխանամէտ շարք մը ֆէյսպուքեան էջեր:

Նշենք, որ 14 նոյեմբերին «Ահրար Ալ Շամ» ծայրայեղական շարժումը Դամասկոսի Հարասթա շրջանին վրայ յարձակում գործած ու հրթիռակոծման ենթարկած էին տարածքը, որուն հետեւանքով մեծ թիւով խաղաղ բնակիչներ զոհուած էին:

Ահաբեկչական շարժման դէմ մղուող մարտերու ընթացքին իր մահկանացուն կնքած է նաեւ զօրավար Մուհամմատ Պատրան, որ ծագումով Թարթուսի Տրեքիշ գիւղէն էր: