Սուրիա- Դամասկոսցի տասնեակ հայեր ծովու ճանապարհով գաղթած են Եւրոպա: Այս մասին «Արեւելք» իր տեղեկութիւնը ճշեց Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ տասնեակ հայորդիներ անցած են Պէյրութ ապա Թուրքիա, որմէ ետք` ծովու ճանապարհով Յունաստան, եւ քալելով հասած են մինչեւ Շուէտ եւ Գերմանիա: Ինչպէս սուրիացի գաղթականները, հայերը նոյնպէս բարձր վճարումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ գործող եւ գաղթականներու փոխադրութեան գործով զբաղուող ցանցերու պատասխանատուներուն: Վճարուած գումարները կը տարուբերին 5-էն մինչեւ 10 հազար Եւրո: Ներկայիս Դամասկոսի գաղթական հայեր կը գտնուին Գերմանիա, ուր հաստատուած են յատուկ ճամբարներու մէջ եւ անոնց տրուած է գաղթականի կարգավիճակ: