Դամասկոս բուռն կերպով քննադատած է Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ գործող Միջազգային Դաշնութեան ուժերուն կողմէ սահմանապահ ուժեր ստեղծելու որոշումը, միաժամանակ յայտարարելով, որ բոլոր անոնք, որոնք մաս պիտի կազմեն այդ ուժերուն, դաւաճան պիտի համարուին:
Սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, շեշտելով, որ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք մաս պիտի կազմեն ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող զինեալ խմբաւորման, ազգի ու հայրենիքի դաւաճան պիտի համարուին ու անոնց դէմ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին:
Նախարարութիւնը միաժամանակ յայտնած է, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանին ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանապահ զինեալներու տեղադրումը ոտնձգութիւն է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, միասնականութեան ու անվտանգութեան դէմ, եւ կը խախտէ միջազգային օրէնքի դրոյթները:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղած է Միջազգային հանրութեան, դատապարտելու ԱՄՆ-ի նման քայլը: