Ամերիկեան «New York Times» թերթը նշած է, որ Սուրիոյ դէմ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցները ուսումնասիրելով կը նկատենք, թէ անգամ քիմիական զէնքի կիրառումէն ետք սահմանուած պատժամիջոցները նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ ուղղուած էին, սակայն ոչ մէկ պատժամիջոց նախատեսուած է նախագահ Ասատի կամ անոր եղբայր Մահէրի դէմ:
Ամերիկեան թերթին կարծիքով, նման բացայայտում ուշադրութեան արժանի հանգամանք կը համարուի: