Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամէնիյին ելոյթ է ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հրամանատարութեան եռօրեայ խորհրդակցութեան ժամանակ, գրած է գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնական կայքը:
Ալի Խամէնիյին զօրավարներուն կոչ ըրած է պատրաստուելու «մեծ իրադարձութիւններու»:
«Մի՛ վախնաք թշնամիէն: Զգօնութիւն պահպանեցէք եւ ճիշդ գնահատեցէք հակառակորդի ներուժը: Հակառակորդը որքան ալ հզօր ըլլայ, պէտք չէ անոր ուժերը գերագնահատել, պէտք չէ նաեւ թերագնահատել այն»,- յայտարարած է երկրի հոգեւոր առաջնորդը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը պէտք է գործէ նաեւ Իրանի սահմաններէն դուրս: Խամէնիյին դէմ արտայայտուած է բոլոր անոնց, որոնք դէմ են Կազայի հատուածին մէջ գործող խմբաւորումներուն եւ «Հըզպալլա»-ին աջակցութեան:
Խամէնիյին նաեւ յայտնած է, որ իսլամական հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ միջուկային համաձայնագրերէն փուլային ելքի քաղաքականութիւնը եւ նշած է, որ կը կանխատեսէր Իրանի վրայ առաւելագոյն ճնշումներ գործադրելու ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան ձախողումը:
«ԱՄՆ-ն այժմ ստիպուած է աղաչել իր եւրոպական ընկերներուն միջնորդութեան հարցով»,-ըսած է Խամէնիյին: