image
Հրատապ լուրեր:

Բրիտանացի նախարարին թուրք նախահայրը սպաննուած է ցեղասպանութիւնը դատապարտելուն համար(Լուսանկար)

Բրիտանացի  նախարարին թուրք նախահայրը սպաննուած է ցեղասպանութիւնը դատապարտելուն համար(Լուսանկար)

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Պորիս Ճոնսընի թուրք նախահայրը՝ Ալի Քեմալ, ընդդիմացած էր Հայոց Ցեղասպանութիւն կատարած ղեկավարներուն եւ 1922ին դաժանաբար սպաննուած ցեղապաշտ ուժերուն կողմէ: Այս մասին հաղորդագրութիւն  հրապարակած է Ամերիկայի Հայկական համագումարը: Բրիտանիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտնի է որպէս Լոնտոնի քաղաքապետ, վառ անհատականութիւն եւ Յունիսի հանրաքուէի Brexit քարոզարշաւի առաջնորդ: Աւելի քիչ տեղեկութիւններ կան անոր անձնական կենսագրութեան մասին, որուն մէջ կ՛արտացոլայ բրիտանացիին բազմաշերտ ցեղային ժառանգութեան խառնուրդը, ուր կայ թուրք նախահայր Ալի Քեմալը: Վերջինս իրապէս ուշադրութիւն գրաւած է իբրեւ ամէնէն համարձակ ձայներէն մէկը, որ ընդդիմացաւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութիւն կատարած ղեկավարներուն եւ 1922ին դաժանաբար սպաննուեցաւ ցեղապաշտ ուժերուն կողմէ:Որպէս լրագրող, իր կեանքին համար անհանգստանալով, 1909ին Ալի Քեմալ փախուստ կու տայ Անգլիա, տարագրութեան մէջ ըլլալով կնոջ՝ Ուինիֆրետի եւ դստեր հետ: Սակայն որդիին ծնունդէն կարճ ժամանակ անց, անոր կինը կը մահանայ յետծննդաբերութեան տենդի պատճառով, Տորսէթի կոմսութեան Պորնմուտ քաղաքին մէջ: Քանի մը տարի ետք՝ 1912ին, ան վերադարձած էր Օսմանեան կայսրութիւն եւ կրկին ամուսնացած օսմանցի փաշայի մը դստեր՝ Սապիհա հանըմին հետ: Ալի Քեմալի առաջին կնոջմէ ունեցած երեխաները, որոնք դեռ կ՛ապրին Անգլիոյ մէջ, որդեգրած էին իրենց մայրական մեծ մօր օրիորդական մականունը՝ Ճոնսըն: Ալի Քեմալի որդին՝ Պորիս Ճոնսընի մեծ հայրը, որ ի սկզբանէ Օսման անունը կը կրէր, հետագային սկսաւ օգտագործելու իր երկրորդ անունը՝ Ուիլֆրիտ:

 

0720borisjhonson


 

Ճոնսընի նախահայր Ալի Քեմալ Օսմանեան պետութեան բնաջնջողական քաղաքականութեան առաւել նշանաւոր թուրք քննադատն էր: Ալի Քեմալ լրագրող եւ հասարակական բանախօս էր, որ նոյնիսկ կարճ ժամանակաշրջան մը՝ 1919ին, յետ պատերազմեան Օսմանեան կառավարութեան նախարարի պաշտօն կը վարէր:

 

Դոկտոր Վահագն Տատրեան, որուն բազմաթիւ հրապարակումները բացայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գերմանական եւ օսմանեան ապացոյցներուն լայնածաւալութիւնը, ներկայացուցած էր երիտթրքական ժամանակաշրջանի քաղաքականութեան մէջ Ալի Քեմալի դերակատարութեան ազդեցիկ նկարագրութիւնը: Ալի Քեմալ ազատական գաղափարներու կողմնակից էր. որոր նմանները կը ճնշուէին թէ՛ երիտթրքական ծայրայեղականներո, եւ թէ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած Թուրք ազգայնականներուն կողմէ:

 

Ալի Քեմալ, առաւել պոռթկուն, քան ոեւէ այլ թուրք, դատապարտած է հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը եւ սուր քննադատութեան ենթարկած իթթիհատական ցեղապետները՝ իբրեւ այդ յանցագործութեան հեղինակներու, անողորմաբար պահանջելով անոնց հետապնդումը եւ պատիժը: Այս վերաբերմունքին համապատասխան՝ ան պայքար կը մղէր նաեւ Քեմալական շարժման դէմ, որուն այն ժամանակ կը սատարէին տապալած Իթթիհատի գաղտնի հրոսակները: Զայն առեւանգեցին Պոլսոյ «Թոքաթլեան» պանդոկի վարսայարդարին մօտէն եւ մոթոր-նաւակով տարին քաղաքի Ասիական մասը, ուղեւորուելով դէպի Անգարա՝ դաւաճանութեան համար մեղադրանքով դատի: Սակայն Իսմիթի մօտ խումբը կանգնեցուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալի հետ միաւորուած այդ ժամանակուան Առաջին զօրքի հրամատարին՝ զօր. Նուրետտինի կողմէ: Ալի Քեմալը զօրավարին հրահրումով Լինչի դատաստանին ենթարկուեցաւ  ամբոխին կողմէ: Անոր գլուխը ջախջախուեցաւ մահակներով, եւ զայն քարկոծելով սպաննեցին: Նուրետտին անձամբ այսպէս նկարագրած է տեղի ունեցածը Ռիզա Նուրին, որուն հետ Լօզան կ՛ուղղուի՝ խաղաղութեան բանակցութիւններ վարելու Դաշնակից պետութիւններուն հետ.

 

«Անոր արնաշաղախ մարմինը այնուհետեւ կախաղան բարձրացուեցաւ, եւ տապանագիր կախուեցաւ անոր կրծքավանդակին, որուն վրայ գրուած էր. «Արթին Քեմալ»: Զոհին յանպատրաստից հայու անուն շնորհելով՝ զտարիւն թուրքին մեծագոյն արհամարհանքի ենթարկեցին՝ որպէս անարգուած ազգի անդամ»:

 

Պատմականօրէն անարգուելով Թուրքիոյ մէջ իբրեւ դաւաճան՝ փորձեր կատարուած էին վերանայելու Ալի Քեմալի ժառանգութիւնը՝ Պորիս Ճոնսընի ճանաչուածութեան բարձրացման զուգահեռ: Ան վերագնահատուեցաւ իբրեւ այլախոհ եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան: 2004ին Թուրք լրագրողներու միութիւնը Ալի Քեմալի անունը նշած էր Թուրքիոյ մէջ նահատակուած լրագրողներուն շարքին։ Ցանկը շուտով համալրեց Հրանդ Տինքը, որ սպաննուեցաւ 2007ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ հաշտուելու թուրքերուն ուղղուած կոչերուն համար, եւ որուն սպանութեան հետաքննութիւնները տակաւին աւարտած չեն պաշտօնական յստակ յանցակցութեան պատճառով: 2011ին Թուրք լրագրողներու միութիւնը աւելցուց 1915ին սպաննուած 10 հայ լրագրողներու անունները, որոնց կարգին էր նաեւ յայտնի գրող եւ իրաւաբան Գրիգոր Զօհրապ, որ սպանութեան պահուն Օսմանեան խորհրդարանի անդամ էր:

 

Հայերը եւ հեղինակաւոր պատմաբանները Քեմալ Ալին կը յիշեն որպէս բացառիկ անձնաւորութիւն, որ իրապէս արդարամիտ ու քաջարի թուրք անուանի մարդոցմէ մէկն էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք: Ուշագրաւ է կապը Բրիտանիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի հետ։