image

Այց մը` Գաղթականութեան Պատմութեան Ազգային Թանգարանը

Այց մը` Գաղթականութեան Պատմութեան Ազգային Թանգարանը

2007ին Փարիզեան 12րդ թաղամասի մէջ կը բացուէր, Գաղթականութեան Պատմութեան Ազգային Ոստանը,  (*) : 1931՛ին կառուցուած շէնքը նախ կը պարունակէր «Գաղութներու թանգարանը»  : Հոս Ֆրանսական պատմութեան երկու հարիւր տարուան գաղթականութեան էջը կը ցուցադրուին զանազան նիւթերու շուրջ` Գաղթականութիւն, Պետութեան դերը, Ֆրանսան ընդունող եւ չհանդուրժող երկիր, Կրօնք, Նոր կեանք, Ապրելու տեղ, Աշխատանք, Արմատանալ, Մշակոյթ, Մարմնամարզութիւն...:  Ցուցափեղկեր լուսանկարներով, առարկաներով եւ բացատրութիւններով մեզ կ՛ուտան գաղափարներ տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր պայմաններով  (բռնաբերութիւն ու հալածանքներու արդիւնք  կամ տնտեսական դժուարութեան հետեւանք) եկած ժողովուրդներէն օրինակներ: Այս ժողովուրդներուն մաս կը կազմեն նաեւ Հայերը որոնք Նանսէնի անցագրէն օգտուած իսկ տարիներ յետոյ իրենց մասնակցութիւնը բերած Ա. եւ Բ. աշխարհամարներուն, յետոյ միւս պատերազմերուն  եւ նոյնիսկ նահատակուելով Ֆրնասայի համար:

Վերջերս,  առիթը ունեցայ կրկին այցելելու: Առաջին կէտը նշմարեցի անունի փոփոխութիւնը` այլեւս Ոստանը ունի Թանգարան կոչումը: Յետոյ սկսայ ստուգելու  հայկական ներկայութեան նմոյշները: Մնայուն ցուցահանդէսի սրահէն եթէ լուսանկարները եւ Միսաք Մանուշեանի եւ հայ դիմադրականներու նուիրոած ցուցափեղկը ներկայ են ցաւօք սրտի Հայ ընտանիքի մը` Հայկուհի Տընկօեանի ընտանիքին նուիրուած ցուցափեղկը գոյութիւն չ՛ունի ուր կար ընտանիքի լուսանկարը, պզտիկ գորգ մը եւ սուրճ մաղելու գործիքը:

Յետոյ անցայ  «Նուիրատուութիւներու սրահին» յուսալով գտնել հայկական հետքեր, հայ անձնաւորութիւններէն ինչպէս` օրինակ Շարլ Ազնաւուրէն ընտանեկան իրեր կամ լուսանկարներ: Եթէ այս վերջինէն որեւէ հետք չկար, անդին, ուրախութեամբ տեսայ երկու ցուցափեղկեր կողք կողքի: Իրենց զաւակներուն նուիրատուութիւններով (լուսանկարներ, զինուորական մէտալներ, գործիքներ կամ առարկաներ) զարդարուած ցուցափեղկերուն կողքին դրուած գրութիւններէն կը կարդամ որ առաջինը ծնած 1912՛ին Կիլիկիա, ցեղասպանութենէն փրկուած  Ֆրանսական  Լեգէոնի անդամ, զանազան կռիւներու մասնակցած Յովհաննէս Մամբրէյեանն է: Իսկ երկրորդը, նոյնպէս ցեղասպանութենէ ազատած, զանազան երկիրներէն անցնելով Ֆրանսա հաստատուած 1906ի ծնունդ Մելքոն Պետրոսեանն է:

Այս երկու «գիւտերէն» գոհ կ՛այցելեմ միւս ցուցափեղկերը: Յանկարծ կը նշմարեմ բաճկոն մը որուն կուրծքը զարդարուած է Պետրոսեան - Petrossian անունով : Հետաքրքրութեամբ կը կարդամ որ Սէնէկալիցի օրիորդ Րուկի Տիա,  աշխատած Պետրոսեան ճաշարանը  եւ յառաջացած իր արհեստին մէջ, դարձած բարձրորակ  խոհագիտութեան մասնագէտներէն մէկը:  Առ ի շնորհակալութիւն Արմէն Պետրոսեանի որ քաջալերած էր զինքը իր առաջին քայլերուն,  Րուկի Տիան նուիրած է իր բաճկոնը թանգարանին: Քովի ցուցատախտակին վրայ կը տեսնենք նաեւ նուիրուած քանի մը տող Պետրոսեան (Մելքում եւ Մուշեղ) եղբայրներու որոնք ձկնկիթը (խաւիար) Փարիզ ներմուծաց են:

Կը կարդամ անունները այն կազմակերպութիւններուն որոնք կ՛աշխատին թանգարանի հետ, սակայն հայկական միութեան անուն մը չ՛եմ տեսներ:

Ըստ թանգարանի պաշտօնեայի մը թանգարանը մօտ ատենէն պիտի կրէ փոփոխութիւններ: Նոր մօտեցումով, նոր տուեալներով պիտի վերակազմուին սրահները: Կը յուսամ որ հայկական հետքերը կը մնան:

Ուրեմն, այցելենք եւ ուշադրութեամբ հետեւինք:

 

Հրանդ Նորշէն

 

(*)Palais de la Porte Dorée

Musée de l’Histoire de l’Immigration

295, avenue Daumesnil

75012 Paris

 

Ահաւասիկ հայկական հետքերը իրենց վայրերով:

Ci-dessous la liste  des traces arméniennes avec leurs emplacements :

Exposition permanente

-Secteur Emigrer

                Couverture du  du Petit Journal de décembre 1915- Massacre d’Arménie

 –Secteur Ici et Là-bas

                Bal arménien – décembre 1926 (photo Djololian – source CRDA)

                Numéro Spéciale de Haratch 50ème anniversaire avec une photo de la rédaction (source CRDA)

- Secteur Lieux de Vie

                Camp d’Oddo  (source Bibliothèque Nubar)

- Secteur Religion

                Orphelins arméniens (source CRDA)

- Secteur au Travail

                Atelier de confection (photo Arax – source CRDA)

- Secteur Sportifs

                Equipe de football de l’UGA Paris 1928 (source CRDA)

- Secteur Enracinements

                 Résistance – Manouchian et d’autres résistants arméniens

 

Galerie des Dons

 

                Vitrine Ohannes Mampréyan

                Vitrine Melkon Bedrossian

                Vitrine Rougui Dia