2 Սեպտեմբերին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը Տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեանի ու իտալական «Ռենքօ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճովաննի Ռուպինի հետ միասին շրջայց կատարած է Երեւանի մէջ կառուցուող 250 մեկաուաթ հզօրութեամբ նոր ջերմաելեկտրակայանի տարածքին մէջ: Ան ծանօթացած է ընթացիկ աշխատանքներուն, օգտագործուող արդիական սարքաւորումներուն ու արհեստագիտութիւններուն եւ անվտանգութեան ապահովման կանոններուն:
Փոխվարչապետը ըսած է, որ շուրջ 270 մլն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ այս ծրագրի իրականացումը կարեւոր օրինակ է տեղական ու միջազգային հնարաւոր ներդրողներու համար: Ան կարեւորած է նաեւ նոր ջրելեկտրածինի դերը երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման հարցով: Հայաստանի մէջ առկայ ջրելեկտրածին կայաններու շարքին այն ամենաբարձր օգտակար գործողութեան գործակիցը պիտի ունենայ՝ 54 տոկոս: Ջրելեկտրածինի՝ շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը պիտի հասցուի նուազագոյնի, իսկ այլ ջրելեկտրածին կայաններու համեմատ արտադրուած ուժանիւթի արժէքը պիտի ըլլայ ամենացածը:
Ճովաննի Ռուպինին նշած է, որ հակառակ որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը որոշակիօրէն ազդած է շինարարութեան վրայ, ներկայիս աշխատանքները կ'ընթանան ամբողջ թափով: Ան աւելցուցած է, որ շինարարական աշխատանքներուն մէջ գրանցուած առաջընթացը գրեթէ 50 տոկոս է եւ յոյս ունին, որ ջրելեկտրածինը շահագործման կը յանձնուի 2021-ի աշնան: «Ռենքօ» գլխաւոր գործադիր տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ կառավարութեան համավարակի պայմաններուն մէջ ջրելեկտրածին կայանի կառուցման աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ մասնագէտներու Հայաստան մուտքի ապահովման համար ցուցաբերած աջակցութեան համար: