Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Երեւանի կեդրոնական գրասենեակը նախաձեռնած է դրամահաւաք մը հասնելու համար Արցախի կարիքներուն։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ ԱՀԱԸ-ի մօտիկ աղբիւրէ մը։
Կը նշուի նաեւ, որ ԱՀԱԸ -ը յատկացուցած է հետեւեալ հաշուէհամարը ՝ 1930 0496 7744 0100 (Converse bank), որուն շնորհիւ ալ պիտի կատարուին նուիրատւութիւնները։