Սուրիոյ բանակի ջոկատներ կարողացան իրենց տիրապետութեան տակ առնել երկար ժամանակէ ի վեր ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ գտնուող «Մահարաթ նահման» քաղաքը։
Ի դէպ այս քաղաքը կը համարուի Իտլիպ նահանգի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը՝ Իտլիպ շրջկեդրոնէն ետք։
2011 թուականին սկիզբ առած դէպքերէն ասդին, յատկապէս իսլամիստ խմբաւորումներու երեւումէն ետք «Մահարաթ նահման»ը դարձաւ ահաբեկիչներու բոյն եւ հերթաբար այդ քաղաքին վրայ տիրապետութիւն հաստատեցին Սուրիոյ «Ազատ Բանակ»ի, «Իսլամական պետութեան», ինչպէս նաեւ «Ալ Նուսրա» ճակատի ահաբեկչական միաւորումներ։
Վերջին ամիսներուն «Մահարաթ նահման»ի ազատագրումը կը համարուի սուրիական բանակի կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին, եթէ հաշուի առնենք այդ քաղաքի ներկայացուցած ռազմական եւ դիրքային կարեւորութիւնը։
Ի դէպ, սուրիական բանակը կարողացած է մինչեւ «Մահարաթ նահման» հասնիլը ազատագրել տասնեակ գիւղեր եւ շրջաններ։