Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը միջնորդագիր ներկայացուցած է՝ Ապրիլեան պատերազմին հերոսաբար զոհուած հրամաանտար Արմենակ Ուրֆանեանին «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում շնորհելու վերաբերեալ․ այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Արմենակ Ուրֆանեանի անձնուրաց ու հայրենանուէր պահուածքի մասին ժամանակին բազմաթիւ քննարկումներ եղած են: Անոր հերոսական կերպարն ըստ արժանաուոյն գնահատելու համար, այս կը կարծեմ, Արցախի Հանրապետութեան օրուայ լաւագոյն որոշումը պիտի ըլլայ:
Սիրով եւ հպարտութեամբ կը հաստատեմ»,- նշած է Յարութիւնեանը։