Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւն հասած է այն մասին, որ ռուսական ուժերու Մայիսի վերջը Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին վրայ իրականացուցած օդային յարձակումներուն ժամանակ, սպաննուած է Տահէշի ղեկավար՝ Ապու Պաքր Պաղտատին, մանաւանդ, որ իրենց թիրախը եաղծ էր Տահէշի ղեկավարներու ժողովատեղին:
Այս մասին յայտնած է Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը: Ան ըսած է նաեւ ,որ ճիգ չեն խնայեր ստուգելու համար այս տեղեկութեան ճշմարտացիութիւնը: