image

Արցախի նախագահը դրական գնահատած է ՀԲԸՄ-ի դերը

Արցախի նախագահը դրական գնահատած է ՀԲԸՄ-ի դերը
ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը տեսակապով աշխատանքային քննարկում ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի հետ:

«ՀԲԸՄ ունեցած եւ այսօր ալ շարունակուող ներդրումն Արցախի կեանքին մէջ շատ մեծ է, եւ ուրախ եմ, որ Ստեփանակերտի մէջ առաջիկային պիտի բացուի նաեւ կառոյցի արցախեան մասնաճիւղը: Համոզուած եմ՝ առողջ փոխգործակցութեան միջոցով մենք պիտի յաջողինք կեանքի կոչել բազմաթիւ հանրօգուտ նախաձեռնութիւններ»,-գրած է Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆէյսպուքեան էջին: