image

Արցախի մէջ. Վտանգուած են Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերը

Արցախի մէջ. Վտանգուած են Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերը

 

9 Նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնագրի հետեւանքով Արցախի պիւտճէ ամենամեծ հարկային մուտքեր ապահովող Դրմբոնի ստորգետնեայ եւ Կաշենի բաց բազմամետաղային հանքավայրեր շահագործող «Պէյզ Մեթըլս» ընկերութիւնը լուրջ խնդրի առաջ կանգնած է։ Այս մասին NEWS.am–ին յայտնած է ՀՅԴ տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը։
Բանն այն է, որ ընկերութիւնը իր արտադրական գործունէութեան համար անհրաժեշտ ջուրը կը ստանար Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղա գիւղէն, որ համաձայնագրով՝ 6 այլ գիւղերու հետ յանձնուած է Ատրպէյճանին։
Պարսեանի խօսքով՝ թէեւ ընկերութիւնը գիւղէն հանած է իր փոմփակայանները, սակայն ներկայ պահուն ջուրի այլընտրանքային աղբիւր չկայ:
«Եթէ Արցախի իշխանութիւնները չբանակցեն ատրպէյճանական կողմի հետ եւ չվերականգնեն այս ջրամատակարարումը, ապա այս հանքավայրերու հետագայ շահագործումը կը դրուի կասկածի տակ։ Իսկ այլ տեղից ջուր բերելը ենթադրում է լրացուցիչ ծախսեր եւ ժամանակ՝ մօտ 7-8 ամիս»,–ըսած է ան։

 

Տնտեսագէտն ընդգծած է, որ ներկայ պահուն Արցախի տնտեսութեան թիւ մէկ խնդիրը պէտք է ըլլայ այս հանքավայրերու շահագործումը ապահովելը։

Տնտեսագէտը նաեւ տեղեկացուցած է, որ համաձայնագրի հետեւանքով՝ Արցախի մէջ շահագործման թոյլտւութիւն ունեցող 15 մետաղական հանքավայրերէն 13–ը անցած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, որ մեծ հարուած պիտի հասցնէ Արցախի տնտեսութեան։