image

«Անշուշտ դժուար էր, եղան պահեր, երբ ձայնս խեղդուեցաւ». Հալէպահայ արուեստագէտը իր փորձառութեան մասին

«Անշուշտ դժուար էր, եղան պահեր, երբ ձայնս խեղդուեցաւ».  Հալէպահայ  արուեստագէտը  իր փորձառութեան  մասին

«Ես հաւատք մը ունիմ որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կարելի է իրականացնել, բայց դանդաղ»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Ադամեան» թատերախումբի մէջ գլխաւոր դերերով հանդէս եկող, մեծ վաստակ ունեցող, սուրիահայ դերասան Պերճ Ճելլատեանը: Երկար տարիներու թատերական փորձառութիւն ձեռք ձգած եւ բեմի հաճոյքը ապրած հալէպահայ դերասանը Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր բեմ չէր բարձրացած: «Անկէ վերջ «անգործ դերասան» դարձայ, ինչպէս կ'ըսեն տեղացիները»,- ըսաւ Ճելլատեան:  2013-էն Հայաստան հաստատուելով, միայն վերջերս առիթ ընծայուած էր անոր վերադառնալ հարազատ միջավայր՝ սուրիահայերու մասին պատմող «Թադրոն 8»ի «Մանանա» ներկայացումով:

Թատրոնէն հեռու անցուցած տարիներու եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ դերասանի դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին «Արեւելք»ին հետ զրուցելով, Պերճ Ճելլատեան ըսաւ. «Բոլորին յայտնի է, որ Հայաստանի մէջ դերասաններու թիւը շատ է, որոնք բոլորն ալ, ի տարբերութիւն սուրիահայ գաղութին, ուր թատրոնը սիրողական մակարդակի վրայ է, ակադեմիական ուսում ունին եւ բոլոր թատերախումբերը ունին իրենց դերասանական կազմը: Այդուհանդերձ թատրոնի հանդէպ ունեցած մեծ սէրէս մղուած քանի մը տեղ փոձեցի դիմել, ներկայացուցի իմ անցեալի խաղարկումներէս նիւթեր, սակայն դիմումներս անպատասխան մնացին»,-ըսաւ ան, նշելով, որ պատճառը շատ հասկնալի եւ ընդունելի է:

Ըստ անոր, հիմնական պատճառն այն է՝ որ Հայաստանի մէջ դերասանութիւնը փրոֆէսիոնալ մակարդակի վրայ է, դերասանի մը առօրեայ աշխատանքն է: «Բայց ես որ այլ աշխատանք ունիմ եւ չեմ կրնար թատրոնին վստահելով ընտանիքս պահել, պարզ է որ դժուար պիտի ըլլայ»,-ըսաւ դերասանը: Ճելլատեանի համաձայն, երկրորդ հարցը լեզու խնդիրն է: «Բեմը չի ներեր, որ դուն «աքցէնթ»ով խօսիս, սուրիահայ մը որքան ալ արեւելահայերէն խօսի, անպայման պիտի զգացուի տարբեր շեշտը»,-ըսաւ ան, աւելցնելով. «Տայ Աստուած, որ այդպէս բան մը ըլլայ, բեմադրիչ մը համոզուի որ այս դերը անպայման Պերճը պէտք է խաղայ եւ Պերճը նստի թեքստի լեզուն իւրացնելու յատուկ աշխատանք տանի լեզուաբանի մը հետ»,- նշելով, որ լաւագոյն պարագային նոյնիսկ, պիտի սահմանափակուի արեւմտահայի դերերու մէջ:

Հալէպահայ Պերճ Ճելլատեան, հակառակ նշած դժուարութիւններուն, կրցած է քանի մը մասնակցութիւններ ունենալ: Ինչպէս կը պատմէ «Արեւելք»ին, կարճ դերերով մասնկացած է կարճամեթրաժ ֆիլմերու եւ սէրիալներու նկարահանումներուն: «Դարձեալ աքցէնթի խնդիրն էր, «սէրիալ»ի մէջ նկարահանման ժամանակ, ուր ես ընտանիքի հայրն էի, բեմադրիչը ստիպուեցաւ սիւժէին մէջ փոփոխութիւն ընել, իբր ես երկար տարիներ դուրսը ապրած եմ, որպէսզի արդարացնէ աքցէնթի խնդիրը, ատոր համար է որ դժուար կ'ըլլայ»,- մանրամասնեց ան:

Պերճը սակայն, բեմի կեանքէն չհեռանալու ձգտումը միշտ ունեցած է, ան նստելով առիթ ընծայուելու չէ սպասած. Հակառակ Հալէպի մէջ իր ունեցած համբաւին, գլխաւոր դերասան ըլլալուն, Հայաստանի մէջ մեծ զիջումներու գացած է: «Հոս «էքսթրա» դերասան կ'ըսեն, մեր մօտ «քոմբարս», քոմբարսի դերեր  ստանձնեցի, շատ վատ կը զգայի, մինչեւ հիմա ալ վատ կը զգամ, բայց ինծի համար այդ մէկը ծանօթութիւններու միջոց էր: Ձեռքէս եկածը կ'ընեմ, կ'ուզեմ նուազագոյնը իմ էկոս գոհացնելու համար թատրոն մտնել»,- անկեղծօրէն արտայայտուեցաւ ան:

 


 

Հայաստանի մէջ Ճելլատեանի թատերական առաջին մասնակցութիւնը եղաւ Փետրուար 2017-ին, «Թատրոն 8»ի հետ, սուրիահայերու մասին պատմողբեմադրիչ Կարօ Բալեանի «Մանանա» ներկայացումով:

Նշենք, որ «Մանանա» ներկայացումը պատրաստուած էր ԵՀԽ Հայաստանեան Կլոր սեղան եւ Գանատայի տեղական նախաձեռնութիւններու հիմնադրամներու աջակցութեամբ: Փիյէսը 6 ներկայացումներով հանդէս եկած էր, որոնցմէ  3-ը Երեւանի, իսկ միւս երեքը մարզերու՝ Էջմիածնի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ: «Մանանա»ն Սուրիայէն պատերազմի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած երկու սուրիահայ եղբայրներու պատմութիւնն է, անոնց փորձը Հայաստանի մէջ:

խօսելով «Մանանա»ի մէջ իր մասնակցութեան մասին, նշեց, որ բեմադրիչը երիտասարդ, մինչեւ 35 տարեկան սուրիահայ դերասան կը փնտռէր: «Երբ լսեցին տարիքս, խնդիր յառաջացաւ, բայց  ես քանի որ կը սիրեմ այդ միջավայրը եւ անոր կարօտը կը զգամ, առաջարկեցի որպէս օգնական մասնակցիլ, թէկուզ քուլիսային աշխատանքի մէջ, որպէսզի իմ սիրած մթնոլորտովս ապրիմ շրջան մը: Բեմադրիչ Կարօ Բալեան լսելով հետաքրքրութեանս մասին ըսած է՝ թող գայ ծանօթանանք, այդպէս ալ եղաւ. հազիւ սենեակ մտայ, ըսին դուն տարիքէդ աւելի փոքր կ՛երեւիս, անանկով դերը ստացայ»,- պատմեց հալէպահայ ադամեանականը:

Նշենք, որ «Մանանա» ներկայացումը, հովանաւոր կողմերու հետ պայմանագրի աւարտէն ետք, արդէն որպէս անկախ, բեմադրիչի սեփական գործ, վերամշակուած է վաւերագրական տարբերակով, երկու եղբայրներու պատմութեան վրայ աւելցած է այլ սուրիահայերու՝ պատերազմի հետեւանքով ապրած դժուարութիւններն ու ապրումները, որ պիտի ներկայացուի 15 Ապրիլին «Յ. Պարոնեան»ի անուան թատրոնի ՓՈՔՐ ԲԵՄ սրահէն ներս:

«Այս մէկը բեմադրիչին մտայղացումն էր, հոս քիչ մը ձեւափոխուեցաւ ներկայացումը եւ մենք, որպէս դերասան, մեր  հետ իսկական պատահածները կը պատմենք, առաւել՝ այլ սուրիահայերու հետ պատահած դէպքեր, իրենցմէ լսելով, երբեմն նաեւ անուններ նշելով»,- ըսաւ Ճելլատեան, աւելցնելով, որ ներկայացումը ուղղուած է ե՛ւ հայաստանցի ե՛ւ սուրիահայ հանդիսատեսին, ան կ'օգնէ, որ տեղացի հանդիսատեսը քիչ մը աւելի մօտէն ծանօթանայ, թէ սուրիահայ մը ինչերէ կ'անցնի, մանաւանդ երբ այդ մէկը բեմի վրայ մարմնաւորուած կը տեսնէ, եւ վերպաթիմ տարբերակով, ուր ամէն ինչ շատ իրական եւ յստակ է, առանց ոչ մէկ յաւելումի: Ճելլատեան սակայն անկեղծացաւ, որ սուրիահայ հանդիսատեսը աւելի խորը կը զգայ այդ ամէնը, որովհետեւ իր պատմութիւնն է: «Նախկին ներկայացումններուն աւարտէն ետք շնորհաւորելու համար բեմ բարձրացողները բոլորը շատ յուզուած էին, ոմանք ըսին. «ճիշդ իմ տղոցս պատմութիւնն է», միւսը ըսաւ «մեզի ուրտեղե՜ր տարիր», «լացուցիր» եւ այլն, անոնք կարծես վերապրեցան իրենց կամ իրենց հարազատներուն հետ եղածները»,-ըսաւ դերասանը:

Թէ ինչքանով իր համար դժուար էր, որպէս սուրիահայ այդ բոլորի մասնիկը եղող, եւ միաժամանակ այդ ամէնը իր վրայ կրելով բեմէն ներկայացնելու փորձը, «Արեւելք»ի հարցին, Ճելլատեան պատասխանեց. «Անշուշտ դժուար էր, մանաւանդ, երբ իմ իսկական պատմութիւնս կը պատմէի, տեղ մը եկաւ յուզուեցայ, ձայնս խեղդուեցաւ, բայց ատ ալ երեւի դերասանին գործն է, թէկուզ քու իսկական կերպարդ չէ, երբ որ դուն կը զգաս այդ կերպարը, կ'ապրիս,  իրեն ամէն ապրումները կը զգաս, բնական է»:

Զրուցելով սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ թատերական կեանքի տարբերութիւններու մասին, Ճելլատեան առանձնապէս նկատել տուաւ, որ թատրոնի հանդէպ մօտեցումը բոլորվին տարբեր է: «Մեր քով թատրոնը նուիրում է, մենք այդ ամէնը կ'ընենք որպէս մշակոյթի պահպանում, իսկ հոս այդ մէկը նպատակային չէ: Այստեղ նոյնպէս նուիրուածութիւն կայ, բայց ոչ թէ մշակոյթ պահելու մղումով, վերջ ի վեջոյ հոս փրոֆէսիոնալ դերասաններ են, իրենց  նայուածքը տարբեր է, որպէս պիզնէս առնուած է հարցը եւ թատրոնի զարգացման առումով ճիշդն ալ այդ  մօտեցումն է»:

Այն հարցին, թէ որպէս սուրիահայ Հայաստանի մէջ ինչպէս կը գտնես դուն քեզի, Ճելլատեան մէկ բառի մէջ ամփոփելով զգացումը, ըսաւ.  «կորսուած»: «Կ'ուզեմ մնալ, բայց հարիւր տոկոսանի կայուն վիճակ չէ. ետ դառնալը մոռցած եմ, դուրս երթալը թերեւս լուծում մըն է, որուն դեռ այդքան համոզուած չեմ, եթէ իմ գործով կարենամ ընտանիքս հանգիստ ապահովել, ամենալաւ տեղն է Հայաստանը»:

Նշենք, որ Պերճ Ճելլատեան Հալէպի մէջ գործարանային ելեկտրագէտ էր, ներկայիս «Քարֆուր» ֆրանսական հանրախանութներու ցանցի հայաստանեան բաժնի թեքնիքական սպասարկման ղեկավարն է:

Զրոյցը լաւատեսութեամբ աւարտելով, Ճելլատեան նշեց, որ ինք հաւատք ունի, որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կ'ըլլայ, բայց դանդաղ, պէտք է սպասել: «Չորս տարի տեւեց որ ես բեմի յոյսը ունենամ, չեմ գիտեր՝ ասկէ վերջ ինչ կ'ըլլայ, միշտ լաւին յոյսով ենք»,- եզրափակելով, ըսաւ ան: