image

ԱՄՆ պիտի միջամտէ՞ Եէմէնի մէջ

ԱՄՆ պիտի միջամտէ՞ Եէմէնի մէջ

Ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթը յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբ կ'ուսումնասիրէ Ալ Հուտայտա նաւահանգիստի խնդիրը լուծելու նպատակով ԱՄՆ-ի անմիջական միջամտութեան հարցը:

Աղբիւրին համաձայն, մարդասիրական օգնութիւններ տեղափոխելու նպատակով օգտագործուող նաւահանգիստէն Հուսիներու հեռացումը բացասաբար կրնայ անդրադառնալ երկրին վրայ:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը պահանջած է շտապ գնահատում տալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խնդրանքին, որ կը վերաբերի անօդաչու կործանիչներու միջոցով աջակցութիւն տրամադրել Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշնութեան, ազատագրելու համար Ալ Հտայտա նաւահանգիստը: