ԱՄՆ-ի պետքարտուղարութիւնը իր քաղաքացիներուն կը յորդորէ խուսափիլ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններ մեկնելէ: Թրքական «Ensonhaber» լրատուամիջոցի համաձայն, պետքարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պատճառը Թուրքիոյ մէջ զարգացող ահաբեկչական գործողութիւններն են:
Աղբիւրի համաձայն, պետքարտուղարութիւնը նաեւ սահմանափակումներ դրած է այն ամերիկացի պաշտօնեաներու այցելութիւններու վրայ, որոնք կը պատրաստուէին պաշտօնական այցեր կատարել Թուրքիոյ Պոլիս քաղաք, ինչպէս նաեւ հարաւ-արեւելեան շրջաններ:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները մարդաշատ վայրերու մէջ կ'ըլլան, ինչպիսիք են ճաշարանները, գիշերային ակումբները, կրօնական վայրերը եւ այլն: