ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով Թուրքիոյ իրականացուցած կազի որոնման աշխատանքները, որոնք լարուածութիւն կ'առաջացնեն Յունաստանի եւ Թուրքիոյ փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։
Ինչպէս կը յայտնէ՝ թրքական կողմը յայտարարած էր Յունաստանին պատկանող Հրոտոս եւ Մէիս կղզիներուն միջեւ ինկած ծովային տարածքին մէջ կազի որոնման նպատակով սեյսմիկ (երկրաշարժական) ուսումնասիրութիւններ կատարելու վերաբերեալ։
Ըստ այդ յայտարարութեան թրքական «Օրուչ Ռէիս» նաւը պէտք է մուտք գործէ այդ տարածք։
Յունաստանի, Եւրոպական միութեան երկիրներու հետ միասին այս զարգացումներու վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը։
Պետական քարտուղարութիւնը մասնաւորապէս կոչ ըրած է Թուրքիոյ ձեռնպահ մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք աւելորդ լարուածութիւն կ'առաջացնեն յոյն-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ։
ԱՄՆ-ն յորդորած է անմիջապէս չեղարկել Յունաստանի ջրային տարածքին մէջ իրականացուող ծրագիրներն ու դադրեցնել կազի որոնման աշխատանքները։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ յայտարարութենէն ետք Յունաստանն իր նաւատորմը բերած է մարտական պատրաստուածութեան եւ յունական նաւերը տեղակայուած են Եգէական ծովին մէջ։