Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող 14 կազմակերպութիւններ միացեալ նամակով մը դիմած են «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ», «Ֆիլատելֆիա Ինքուայըրըր» եւ «Շիքակօ Թրիպիւն» թերթերուն, ներողութիւն խնդրելու իրենց կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող ծանուցումներ հրապարակելուն համար, միաժամանակ՝ պահանջելով անոնցմէ, որ վերատեսութեան ենթարկեն ծանուցումներու առնչուող իրենց օրէնքները:
Պոլիս հաստատուած «Թըրքիք Փլեթֆորմ» հիմնարկը Ապրիլ 20էն սկսեալ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսած էր՝ նշեալ եւ այլ թերթերու մէջ ամբողջական էջերով ծանուցումներ գնելու, ինչպէս նաեւ վահանակներու վրայ իրենց ժխտողական պատգամները զետեղելու համար։
Կարգ մը թերթեր, ներառեալ՝ «Սան Հոզէի Մըրքըրի Նիուզ»ը, արդէն իսկ ներողութիւն խնդրած: Բողոքներուն տեղի տալով՝ Շիքակոյի, Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ վահանակներու վրայ զետեղուած պատգամները վերցուած էին։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, վերոնշեալ միացեալ նամակը ստորագրած կազմակերպութիւններն են՝ Փոքր Ասիոյ եւ Պոնտոսի յոյներու ուսումնասիրական կեդրոնը, «Քարլ Ուաթքինզ» հիմնարկը, Տարֆուրի միջկրօնական ցանցը, Ցեղասպանութեան դէտը, Յոյն-Ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը, Քրիստոնեաներու պաշտպանը, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը, Հրէական համաշխարհային դէտը, Տարֆուրի ի նպաստ ուսանողական մարմինը (STAND), «Վերջ ցեղասպանութեան, հիմա՛»ն, «Պահանջ՝ գործնական քայլերու»ն, «Միասնաբար կը յիշենք»ը եւ «Միասնաբար վերջ տանք ցեղասպանութեանց»ը։
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ