image

Ամերիկան այլեւս Միջին Արեւելքի միակ տէրը չէ. Վիգէն Չըթրեան

Ամերիկան այլեւս Միջին Արեւելքի միակ տէրը չէ. Վիգէն Չըթրեան

«Շատ յստակ էր, որ Ռուսիոյ՝ Միջին Արեւելք Սուրիոյ պատուհանէն վերադարձը աննշան  քայլերով պիտի չըլլար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ամերիկան դարձած էր միակ գերպետութիւնը միջազգային քարտէզին  վրայ  եւ այսօր այդ երեւոյթի վերանայումը եւ ուժերու վերաբաշխումն է, որ տեղի կ'ունենայ»,- ըսաւ վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեան «Արեւելք»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Վերջին տարիներուն ակնյայտ է Ամերիկայի դերը, մանաւանդ «Արաբական գարնան» պոռթկումէն ետք: Կարգ մը մարդոց կարծիքով Ամերիկան է այս բոլոր յեղաշրջումներուն հեղինակը, զայն կը մեղադրեն Միջին Արեւելքի քանդման եւ քաղաքացիական պատերազմներու առնչութեամբ: Միւս կողմէ, մեծ ակնակալիքներ կան ԱՄՆ-էն: Սուրիոյ ընդդիմադիրները կ′ենթադրեն, որ Ամերիկան հնարաւորութիւնը ունի ազատելու զիրենք  Սուրիոյ իշխանութենէն: Շատ հակասական ակնկալիքներ կան, բայց գաղափարը մէկ է: Ամերիկա մեծ պետութիւն է եւ հնարաւորութիւնները ունի հարցերը լուծելու դրական կամ բացասական ձեւով: Շատեր կը մեղադրեն, որ Օպամա շատ բացասական եղած է վերջերս եւ կը յուսան, որ Օպամայէն ետք Ամերիկան շատ աւելի աշխուժ քաղաքական դիրքորոշում պիտի ընդունի Միջին Արեւելքի հանդէպ: Կը կարծեմ այս բոլորը սխալ են»,-ըսաւ վերլուծաբանը:  

Ամերիկայի ներկայ պատմութեան եւ անոր ազդեցութեան մասին ակնարկելով՝ ան մեկնաբանեց. «Ամերիկան, այսօր այն չէ, ինչ որ էր 90-ական թուականներուն: Երկու հիմնական հանգրուաններ կան անոր ներկայ պատմութեան մէջ: Առաջինը՝ 11 սեպտեմբեր 2001-ն է, երբ հարուած ստացաւ «Ալ Քահիտա» շարժումին  կողմէ: Այդ հարուածը խախտեց ամերիկա-սէուտական դաշինքը եւ այդ  դէպքէն ետք, երկու երկիրներու  միջեւ յարաբերութիւնները մեծ փոփոխութիւններ կրեցին: 2-րդ հանգրուանը 2003-ն է, երբ Ամերիկայի ղեկավարութիւնը  կը կարծէր,  թէ իրենց հարցերը Միջին Արեւելքի մէջ կրնային լուծել: Կը կարծէին, թէ Իրաքի գրաւմամբ, Սատտամ Հիւսէյնի  վարչակազմի փլուզմամբ եւ բրօ-ամերիկեան իշխանութիւններու ստեղծմամբ իրենց հարցերը հոն կը լուծուին: Այսօր Ամերիկան Իրաքը նուիրած է Թեհրանի վարչակազմին: Մէկ խօսքով, այսօր  այդ երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ լծակներ եւ  վստահելի դաշնակիցներ չունի, եւ եթէ դաշնակիցներ չունիս, կը նշանակէ, թէ քաղաքական նպատակներդ ռազմական գործողութիւններու միջոցաւ չես կրնար իրականացնել: Այդ իսկ պատճառով չեմ ակնկալեր, որ Ամերիկայի նախագահական աթոռին հասնողը   պիտի դարձեալ դառնայ Միջին Արեւելքի ոստիկանը»:

Վերջերս «Ակօս»-ի մէջ ամերիկեան  ընտրութիւններու թեմայով հրապարակուած իր յօդուածին անդրադառնալով, ան ըսաւ. «Յօդուածիս վերջաւորութեան պատմական զուգահեռ ներկայացուցած եմ ներկայ իրավիճակին եւ Սուէսի քանալին պատերազմին միջեւ, երբ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները իսրայէլցիներու հետ կրցան յաղթել եգիպտական բանակին, ջախջախելով Նասէրին, բայց այդ յաղթանակը  Միջին Արեւելքի իրենց իշխանութեան աւարտն էր: Չեմ ըսեր, որ Ամերիկայի վերջը պիտի գայ, բայց այսօր յստակ է, որ Ամերիկան մէկն է այն մի քանի միջազգային խաղացողներէն, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ մեծ դեր կը խաղան: Իմ կարծիքովս ապագային դերերը պիտի բազմանան, ռուսականին կողքին կայ եւրոպականը եւ պիտի ըլլայ չինականը: Պէտք չէ մոռնալ Չինաստանի ուժը, որ կը զարգանայ: Ան նոյնպէս շահեր ունի Միջին Արեւելքի մէջ, ոչ միայն նաւթային առումով, այլ հակա-ահաբեկչական պայքարի նկատմամբ: Մենք պիտի տեսնենք այս բոլոր ուժերու ազդեցութիւնը, որ պիտի կերտէ Միջին Արեւելքի ապագան: Միշտ դժուար է կանխագուշակել երկարաժամկէտ զարգացումները, բայց շատ յստակ է, որ 2001-էն ի վեր ամերիկա-սէուտական յարաբերութիւնները մտած են անորոշ ժամանակաշրջան: 15 տարի ետք  է, որ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի ահաբեկչական  գրոհներու  արձագանքներուն ականատես կը դառնանք: Վերջերս անոնց աւելցած է ամերիկեա-պարսկական համաձայնութիւնը, որ դարձեալ նոր ճնշման լծակ բանեցուց Րիատի դէմ: Այժմ Սէուտական Արաբիոյ հակադարձութիւնը շատ յստակ չէ»,- աւելցուց ան:

Խօսելով համաշխարհային զանազան ուժերու եւ անոնց՝ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ վրայ ունեցած ազդեցութեան վրայ,  Չըթրեան նշեց. «Ամերիկան Սուրիոյ պատերազմին առնչութեամբ որեւէ լուծում չի կրնար պարտադրել, բայց կրնայ ուրիշին  պատրաստած լուծումները խանգարել: Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ  ռազմական վիճակը շատ փխրուն երեւոյթի առջեւ է: Թէ՛,  ընդդիմադիր ուժերը, թէ՛  Պաշշար Ասատի   հովանաւորութեան   տակ եղող  ուժերը շատ թոյլ են: Անոնք այսօր այնքան բարդ իրավիճակի մէջ են, որ որեւէ մէկ յաղթանակ վերջնական սեպել անհնար է: Մէկ տարիէ ի վեր, շնորհիւ ռուսական շատ աշխուժ միջամտութեան համակարգի ուժերը աւելի յառաջընթացի մէջ են, բայց այս շատ անկայուն է: Միւս կողմէն, եթէ արդիական զէնքեր կամ զինամթերք կամ կարեւոր գումարներ հասնին ընդդիմադիրներուն, հարաւային ճակատը դարձեալ կը  տաքնայ եւ  իշխանութեան ուժերու յաղթանակները  կրնան վերատեսութեան  ենթարկուիլ  այնպէս մը, որ ընդդիմադիրները  փորձեն Ամերիկայի տուած ուղղութիւններով շարժիլ»:

Ժընեւ բնակող վերլուծաբանը իր մտահոգութիւնները յայտնելով, ըսաւ նաեւ. «Ոչ միայն Միջին Արեւելքի հայութեան ապագայով մտահոգ եմ, այլ ընդհանրապէս հայ սփիւռքի ապագայով: Վերջերս, մենք սխալ քաղաքականութիւն կը վարենք, մտածելով, որ սփիւռքը իր այսօրուան միջոցներով կրնայ գոյատեւել: Կը խորհիմ, որ մեր սփիւռքը մեծ արժէք կը ներկայացնէ ոչ միայն իբր հայկական սփիւռք, այլեւ իբր համամարդկային երեւոյթ: Մեր սփիւռքը  մեծ,  հսկայական, պատմական  եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, պատմական փորձ կը ներկայացնէ: Այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ կը խօսինք համաշխարհայնացման մասին, մենք արդէն 1000 տարուան համաշխարհայնացած մշակոյթ ունինք:

Այդ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու համար, մենք պէտք ունինք նոր կառոյցներու, որպէսզի կարենանք մարսել այդ հսկայական փոփոխութիւնները, որ հայկական սփիւռքը կ′ապրի: Մինչեւ հիմա մեր սփիւռքի կառոյցները, ղեկավարները, առաւել Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս հարցին մէջ շատ սխալ քաղաքականութիւն կը վարեն»,- եզրափակեց ան: