image

Ամերիկա փոխեց իր կեցուածքը մեր հանդէպ. Ռուս դիւանագէտ

Ամերիկա փոխեց իր կեցուածքը մեր հանդէպ. Ռուս  դիւանագէտ

ԱՄՆ-ի մօտ Ռուսիոյ նախկին դեսպան Սերկէյ Քիսլիաք յայտարարած է, որ 11 դեկտեմբերին Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ԱՄՆ մուտք գործելու արտօնագրեր տրամադրելու համար քննարկումներու վերսկսումը, անգամ եթէ սահմանափակ մակարդակի վրայ ըլլայ, կ'ապացուցէ Ռուսիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան փոխուած ըլլալը:

Քիսլիաքի կարծիքով, Ռուսիոյ քաղաքացիներուն ԱՄՆ մուտք գործելու արտօնագրերու տրամադրումը ոչ թէ տեխնիկական հարց է, ինչպէս կը պնդէ ԱՄՆ, այլ քաղաքական վարչարարութեան երեւոյթներէն մին, իսկ առնուած քայլը ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը փոփոխման ենթարկուած է, եւ ԱՄՆ գիտակցած է, թէ դեսպանութեան աշխատանքը լիարժէք պէտ է ըլլայ: