Եգիպտոսի անվտանգութեան մարմիններուն համաձայն, նախկին վարչապետ Ահմատ Շաֆիք ԱՄԷ-էն հասած է Գահիրէի ռազմական օդակայան, ուր անմիջապէս կալանաւորուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Կալանաւորման պատճառը, ըստ անվտանգութեան մարմիններուն, հարցաքննութիւն իրականացնելն է, նախագահական պաշտօնին համար թեկնածութիւն ներկայացնելէ ընդամէնը օրեր առաջ ԱՄԷ-ի մէջ իր դէմ ուղղուած շարք մը հաղորդումներու շուրջ:
Նշենք, որ ԱՄԷ մերժած էր Շաֆիքին հնարաւորութիւն տալ Ֆրանսա մեկնելու, իր նախընտրական քարոզն իրականացնելու տեղի եգիպտացիներուն մէջ, որմէ ետք Շաֆիք տեսագրութիւն մը տարածելով Ապու Տապիի կառավարութիւնը մեղադրած էր Եգիպտոսի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու մէջ: