image

«Ալ Նըսրա»ի Մօտ Գերեվարեալ Լիբանանցի Զինուորները Վաղը Ազատ Պիտի Արձակուին

«Ալ Նըսրա»ի Մօտ Գերեվարեալ   Լիբանանցի  Զինուորները   Վաղը   Ազատ  Պիտի Արձակուին

 Ամիսներէ  ի վեր    լիբանանցի    գերեվարուած   16    զինուորները վաղը  ազատ  պիտի արձակուին:  Այս  մասին  առաջին լուր փոխանցողը եղաւ «Ալ Մայատին» կայանը,որ նաեւ հաղորդեց, թէ, «Ալ Նըսրա»    խմբաւորման  մօտ գտնուող    զինուորները  ազատ պիտի արձակուին     խմբաւորման եւ կառավարութեան միջեւ կայացուած  համաձայնութեան մը հիմքով: Աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ  զինուորները   շատ հաւանաբար յառաջիկայ ժամերուն  կրնան Պէյրութ ժամանել նկատել տալով, որ անոնց ազատ արձակումը կրնայ   յետաձգուիլ մինչեւ Շաբաթ  առաւօտ:  Կը հաղորդուի, որ զինուորներու  ազատ արձակման դիմաց   վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը      համաձայն  եղած է ազատ արձակել     Ռումիյէի  բանտին մէջ գտնուող  տասը իսլամիստներ: Նշենք,  որ      լիբանանեան բանակի զինուորները    գերի ինկած էին շուրջ   մէկ տարի եւ հինգ ամիս առաջ   Սուրիոյ սահմանին  մերձ եղող Արսէլ  շրջանին մէջ:  Յիշեցնենք, որ   բանակի   զինուորներու   այլ խումբ մը գերեվարուած  կը մնայ  Տահէշ (ISIS) հետ: