Սուրիա- «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալներ այսօր հրթիռարձակումներ գործած են «Շէյխ Մաքսուտ» շրջանին ուղղութեամբ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ PKK-ի մէկ աղբիւրը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ զինեալներուն եւ PKK-ի քրտական ջոկատներուն միջեւ ծանր բախումներ գրանցուած են: «Ալ Նուսրա»էն զատ քրտական ջոկատներուն դէմ մարտերուն կը մասնակցին «Նուր Ալ Տին Զանքի», «Ահրար Ալ Շամ» եւ «Սուլթան Մուրատ» անունով ջոկատները:Նշենք, որ «Շէյխ Մաքսուտ»ի անցքը անցեալ շաբաթ բացուելէ ետք կը գործէ առաւօտեան ժամը 7:00-էն 1:00 -ը: