Աֆրինի Քրտական ինքնավար մարմինը կիրակի 18 մարտին յայտարարած է կռուելու եւ թրքական զօրքերը հարուածելու իր մտադրութեան մասին՝ մինչեւ Աֆրինի ամբողջական շրջաններու իր վերահսկողութեան տակ անցնիլը: Այս մասին կը յայտնէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ այս յայտարարութիւնը եղած էր Թուրքիոյ եւ անոր կողմնակից սուրիական խմբաւորումներու կողմէ Աֆրին քաղաքը գրաւելէն ժամեր անց:
«Մեր պատերազմը՝ թրքական բռնատիրութեան եւ «Ազատ Բանակ» կոչուած ահաբեկչական խումբերու դէմ նոր փուլ մտաւ», - ըսուած է ինքնավար Մարմնի յայտարարութեան մէջ, աւելցնելով, որ « Մեր ուժերը գոյութիւն ունին Աֆրինի իւրաքանչիւր տարածքի մէջ եւ այդ ուժերը ամէն առիթի պիտի հարուածեն Թուրքիոյ եւ անոր վարձկան զինեալներուն դիրքերը, մինչեւ Աֆրինի ամբողջական ազատագրումը»:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Քրտական ուժերը Թուրքիոյ համար մշտական մղձաւանջ պիտի դառնան»: