Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ բացումը կատարուած է «Աբրահամ Աշճեան»ի անուան փողոցին:Այս մասին գրած է «Ազդակ»ը նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կից եղող փողոցին մէջ յետ հանդիսաւոր արարողութեան տեղի ունեցած է փողոցի բացումը ի ներկայութեան Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, Լիբանանի ազգային-քաղաքական ներկայացուցիչներու ու նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն , որոնք տէրն են նշեալ նախաձեռնութեան:
Այս առթիւ յաւուր պատշաճի խօսքերով հանդէս եկած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներէն ՝ Ճօրճ Գրիգորեան (արաբերէնով) , ինչպէս նաեւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:
Տիար Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքով վեր առած է Դաշնակցական գործիչ Աբօ Աշճեանի յատկանիշները նշելով, որ ան կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին: Պօղոսեան նաեւ նշած է, որ Աբօ Աշճեան մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանահայ գաղութի ինքնապաղշտպանութեան գործի կազմակերպման մէջ յիշեցնելով նաեւ, որ ան եղած է խիզախ, նուիրեալ եւ վեհանձն գործիչ մը: Ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը քօղազերծած է Աշճեանի անունը կրող ցուցանակը եւ աղօթքով փակած օրուան հանդիսութիւնը: