image

62 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 44845-ի

62 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 44845-ի

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 7 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 62 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 845-ի, որոնցմէ բուժուած է 40 121 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 3 549 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 900-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 32-ն է։