Նախագահ Էրտողան նոր, բայց բաւական հեռու նպատակակէտի մը մասին խօսած է, ըսելով, «2053-ի մեր հեռանկարը այլեւս պարզ մաղթանք մը ըլլալէ դադրած է եւ դարձած է այն կարմիր խնձորը զոր կը հաւատանք որ պիտի իրականացնէ մեր երիտասարդութիւնը»:
Նշենք, որ 2053-ը Պոլսոյ գրաւման 600 ամեակն է: Նախագահ Էրտողան միջոցէմը ի վեր կը խօսի նաեւ ապագայ այս 600 ամեկին մասին, դիտել տալով, որ այդ թուականին նոփ-նոր Թուրքիա մը գոյութիւն պիտի ունենայ: Իսկ «Կարմիր խնձոր»ը անցեալի թուրք հաւաքականութիւններուն կողմէ ընդունուած ու ոսկի կարմիր գնդակի մը ձեւով երեւակայուած խորհրդանշան մըն է, որ յաղթանակ կը նշանակէ: