image

176 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5 694-ի

176 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5 694-ի

Հայաստանի մէջ, 23 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 792 դէպք, որոնցմէ 35 991-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 694 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 195 194 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 176 նոր դէպք եւ 84 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 852):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  71, 62 տարեկան տղամարդիկ: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 255 է: