image

155 քիւրտ ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին Սոչիի համագումարին. Մոսկուայի խոստումը քիւրտերուն

155 քիւրտ ներկայացուցիչներ պիտի մասնակցին Սոչիի համագումարին. Մոսկուայի խոստումը քիւրտերուն

Քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժեր»ու գլխաւոր հրամանատար Սիպան Հիմօ յայտարարած է, թէ Ռուսիա խոստացած է, որ որոշ թիւով քիւրտեր հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու Սոչիի մէջ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին գումարուելիք համաժողովին:

Քրտական «Ա. Ն. Ք.» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Հիմօ պատմած է, որ Ռուսիոյ իրաւասու մարմիններուն տուած խոստումին համաձայն, քիւրտերէ եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակիչներէ կազմուած 155 հոգինոց պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Սոչիի համագումարին, հակառակ թրքական կողմի դէմ կանգնելուն:

«Ռուսիա նշեց, որ քիւրտերը Սուրիոյ ժողովուրդի հիմնական մասնիկն են, եւ ինք արգելք չի տեսներ քիւրտերու մասնակցութեան մէջ: Այս էր իր տուած խոստումը»,- նշած է քիւրտ ղեկավարը, աւելցնելով, որ Թուրքիա ամէն կերպով կը փորձէ խանգարել Սոչիի համագումարի կազմակերպումը: