Ծանր դէպք մը գրանցուած է այսօր Լիբանանի մէջ, երբ 14-ամեայ Նազիրա Թարթուսի անունով երիտասարդուհի սպաննուած գտնուած է: Դէպքը պատահած է Լիբանանի Աքքար աւանին մէջ: Ըստ Vdl կայանի նախնական տուեալներուն Նազիրա դիմած է անձնասպանութեան եւ ան այդ քայլին դիմած է իր ամուսնական տան մէջ օգտագործելով որսորդական հրացան մը:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ Նազիրա ամուսնացած էր ընդամէնը 5 ամիս առաջ եւ ամուսնութիւնենէն երկու ամիս ետք յղի մնացած էր ու ապա վիժած:
Դէպքէն անմիջապէս ետք ապահովական մարմիններ բերման ենթարկած են Նազիրայի ամուսինը (27 տարեկան) եւ վերջինս ներկայիս կը գտնուի կալանքի տակ: Չնայած, որ այլ տուեալներ չեն հրապարակուիր դէպքին շուրջ, սակայն Լիբանանի մէջ գործող մարդու իրաւանց պաշտպան մարմիններ դատապարտած են եղածը եւ մատնանշած , որ Նազիրա չէ բոլորած ամուսնանալու ընդունելի տարիքը: Իր կարգին կանանց հարցերու նախարար ՝ Ժան Օղասաբեան արձագանգած է եղածին նկատել տալով, որ երկրին մէջ պէտք է 18 տարիքը օրինական հիմքերով հաստատուի, որպէս ամուսնութեան «ընդունելի» տարիք: