image

Կարօ Փայլան ներկայացուած է Նոպելեան մրցանակի

Կարօ Փայլան ներկայացուած է Նոպելեան մրցանակի

«Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան անդամները դիմած են Նոպելեան յանձնաժողովին՝ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը Թուրքիոյ մեճլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին յանձնելու առաջարկով: Այս մասին ըսուած է միութեան ղեկավար Սաիտա Օհանեանի յայտարարութեան մէջ:

«Այս տարի մեր կազմակերպութիւնը դիմած է Նոպելեան կոմիտէ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր (առաջադրուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ) Կարօ Փայլանին, որ ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ եւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին՝ տարածաշրջանին մէջ:

Այսօր ան այն քչերէն է, որ պատասխանատուութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները՝ բնիկներուն, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Ան նշած է, որ  Փայլանի կողմէ ցանուած խաղաղութեան սերմերը՝ տարբեր ազգութիւններու ու դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, դրական արդիւնքներ կու տան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան մէջ: «Եւ այդ ամէնը հակառակ այն իրական ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, որոնց կ'ենթարկուի ան իշխանութիւններուն ենթակայ ազգայնամոլական ու ծայրայեղական ուժերու կողմէ: Վերջիններս կը պահանջեն անկէ դադրեցնել մարդասիրական ու քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը»,- նշած է Օհանեանը:

Ան դիմած է բոլոր մարդոց, կանանց իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ միանալ նախաձեռնութեան եւ ձայն տալ Կարօ Փայլանին: Բացի այդ, ան յորդորած է ինքնուրոյն կերպով դիմել Նոպելեան կոմիտէ՝ 2018-ի  Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի արժանանացնելու Կարօ Փայլանը, որպէս ժամանակաշրջանի մեծ մարդասէր եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան:

Յայտը ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 30 յունուր 2018-ն է: