image

Սուրիոյ առաջին տիկինը այցելած է «Գթասիրտ Մարիամի դուստրեր»ու մայրապետներուն

Սուրիոյ առաջին տիկինը այցելած է «Գթասիրտ Մարիամի դուստրեր»ու մայրապետներուն

«Գթասիրտ Մարիամի դուստրեր»ու միաբանութեան գործունէութեան 100 ամեակի առթիւ, Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմաա Ասատ այցելած է մայրապետներուն:

Վանքը, այս առթիւ, Դամասկոսի «Իտալական հւանդանոց»ին մէջ պարգեւատրած է իրենց երկիրներէն Սուրիա գործուղուած մայրապետները: Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ հանրապետութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջէն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ տարբեր երկիրներէ Սուրիա հասած մայրապետները, հակառակ պատերազմական իրավիճակին, որորշեցին Սուրիա մնալ եւ խնամել ու ծառայլ երեխաներուն եւ հիւանդներուն:

Անոնց գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ արդէն բոլորած է իր 100-րդ տարին: