Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանէն ներս, 12 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ «Շուշի. 48 ժամ» եռալեզու պատկերագիրքի շնորհահանդէսը:
Գիրքը ստեղծուած է յունիս 2017-ին մեկնարկած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան լուսանկարչական նախագիծի արդիւնքով, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր 48 ժամուան ընթացքին ցոյց տալ Շուշիի քաղաքային կեանքի բազմազանութիւնը երիտասարդ լուսանկարիչներու աչքերով, ինչի շնորհիւ հանրութիւնը հնարաւորութիւն կ'ունենայ հաղորդակից դառնալ Արցախի մշակութային մայրաքաղաքի հմայքին, ճանչնալ շուշեցիին եւ հասկնալ անոր քաղաքային առօրեան:
Նշենք, որ «Շուշի. 48 ժամ» նախագիծը իրականացուած է վաւերագրող լուսանկարիչ, փաստագրական լուսանկարչութեան համար «Ֆիֆթի Քրոուզ» միջազգային ֆոնտի մրցանակակիր Գերման Աւագեանի հետ գործակցաբար: