70 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Վանիկ Մկրտչեանը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է դերասանի որդին` Լիթվա, Լաթվիա եւ Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը:
Ան գրած է․ «Սրտի կսկիծով պէտք է տեղեկացնենք, որ մեր հայրիկը` Վանիկ Վարազդատի Մկրտչեանը այսօր, իր կեանքի 70-րդ տարիին անսպասելիօրէն լքեց մեզի։ Հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան մասին կը տեղեկացնենք յաւելեալ»։