Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պելառուսի մէջ, կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:
Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Ինչպէս նշած է Քրեմլը, երկու պետութիւններու ղեկավարները «կտրուկ դատապարտած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրումը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են ընթացող ռազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ»:
Փութինն ու Մաքրոնը հակամարտութեան կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի եւ լարուածութեան ապասրման կոչ ըրած են:
«Մանրամասն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրումը: Լուրջ մտահոգութիւն յայտնուած է շարունակուող լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ: Վլատիմիր Փութինը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հակառակորդ կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի, լարուածութեան ապասրման եւ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ըրած են»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մամուլի ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով կարգաւորումը այլընտրանք չունի: «Այս ծիրէն ներս դիտարկուած են հետագայ փոխգործակցութեան յատուկ չափորոշիչներ, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Մինսքի խումբի (Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ) համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու անունով հանդէս գալու յայտարարութեամբ՝ յօգուտ զինուած առճակատման շուտափոյթ դադարեցման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման»,- տեղեկացուցած է Քրեմլը:
Փութինը հաստատած է Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտելու փորձերու եւ օրինական իշխանութիւններուն վրայ արտաքին ճնշման անթոյլատրելիութեան վերաբերյալ:
«Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պելառուսի մէջ նախագահական ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած իրավիճակին: Ռուսական կողմը վերահաստատած է իր սկզբունքային դիրքորոշումը ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտելու որեւէ փորձի եւ օրինական իշխանութիւններու վրայ արտաքին ճնշման անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: